Լիբանանցի արմատներով Գանատա ապրող ուսանող մը սպառնալից նամակներ յղած է Իսլամ ուսանողներուն: Այս մասին այսօր կը յայտնէ «Օնլի Լիպանոն» կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ երէկ Գէպէք շրջանի ոստիկանութիւնը յաջողած է իր տան մէջ ձերբակալել 47 տարեկան Հիշամ Ալ Սահտի անունով տղամարդ մը, որ Գէպէքի «Գոնգորտիա» համալսարանին մէջ տնտեսագիտութեան բաժնի (տոքդորական) ուսանող է: Կը նշուի նաեւ, որ համացանցի ճամբով Իսլամ ուսանողներուն ուղղարկուած սպառնալից նամակները կը կրեն «պահպանողական գանատացիներու խորհուրդ» ստորագրութիւնը:
Սահտի, որ ցարդ մերժած է ընդունիլ իրեն ուղղուած մեղադրանքները յառաջիկայ ժամերուն դատարան պիտի ներկայանայ:
Իսլամ ուսանողներուն մէջ «ահ ու սարսափ» տարածած նամակներուն մէջ ըսուած է, որ «նախագահ Թրամբի իշխանութեան հասնելէն ետք մեզի համար, այլեւս անընդունելի է լռել եւ մարսել իսլամ ուսանողներու կատարած սխալները»: