Բաց նամակ ուղղուած Պարոն Վարչապետին:
Մենք սփիւռքահայերս տասնեակ սերունդներ ապրելով օտար երկիրներու մէջ, միշտ դասեցին մեզի իբր երկրորդ կամ երրորդ կարգի քաղաքացիներ:
Իսկ հիմա, ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ մէջ ապրելու մեծ յոյսերով ուզեցինք գտնել մեր իսկական ինքնութիւնը, ու վայելելենք առաջին կարգի քաղաքացիի մը շնորհքը, զգալու՝ Հայ, շնչելու՝ Հայ, ապրելու՝ Հայ, եւ ոչ թէ միայն Հայ՝ այլ,
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՊԱՐՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻ-ի մը զգացումով ապրիլ:
Բայց մեր հայրենիքին մէջ երկրորդ կարգի քաղաքացի մը դասաւորուելու ՑԱՒԸ սկսաւ տանջել մեր սիրտն ու հոգին, անհանգստացուց մեր երազները, մեր ակնկալիքը ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ:
Սուրիահայ բարեկամ մը իր զաւակին համալսարանի դասընթացքին վճառումը կատարելու համար HSBC դրամատուն դիմեց, այդտեղի պաշտօնեան մերժեց իր առաջարկը ըսելով,
-Դուք Սուրիացի էք, Սուրիա ծնած էք, ձեզմէ ոչ կարելի է փող ստանալ ոչ ալ տալ, ձեր հետ գործակցիլը բացարձակապէս արգիլուած է:
-Բայց ես Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացի եմ:
-Այդ մէկը մեր մօտ ընդունելի չէ, եղած է պաշտօնեային պատասխանը:
Անձագրին մէջ ծննդեան վայրը յիշելը շատ բնական եւ սովորական երեւոյթ է, ու ըստ միջազգային օրենքներուն ծննդեան վայրը ԵՐԿԻՐ-ը չէ այլ՝ այդ քաղաքը որտեղ անձը ծնաւ, այսինքն SYRIAN ARABIC REPUBLIC-ը չէ, ALEPPO-ն է:
Վերջին հարցումս կը ուղղեմ ձեզի յարգելի պարոն վարչապետ, լուրջ քննութեան ենթարկելու եւ մասնագիտացած կողմերու հետ լուծում գտնելու շարժառիթ չէ՞ այս նիւթը, արդեօք:
Կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնելով…
Hrayr Aguilian օգտատիրոջ ֆեյսբուքյան էջից: