Պատրիարքական տեղապահը Էջմիածին է. «Արևելք»
Advertisement 1000 x 90

Պատրիարքական տեղապահը Էջմիածին է. «Արևելք»

Պոլսոյ պատրիարքութեան ընդհանուր տեղապահ Տ. Արամ արք. Աթէշեան ժամանած է Երեւան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրներէն: Կայքին մօտիկ աղբիւր մը փոխանցեց նաեւ, որ Տ. Արամ Սրբազանի Մայր աթոռ կեցութիւնը  պիտի ըլլայ շատ կարճ եւ քանի մը օրուան համար: Կարգ մը  աղբիւրներու համաձայն կը  նախատեսուի, որ  Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան հարցը դառնայ  քննարկման առանցք՝  Ամենայն Հայոց   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ.ն   կաթողիկոսին  եւ Պոլսոյ Պատրիարաքութեան ընդհանուր տեղապահին միջեւ:

Նշենք, որ Հռոմի Պապին Հայաստան տալիք այցի ժամանակ  Տ. Արամ Սրբազան ջնջած էր Հայաստան  գալու իր ծրագիրը եւ Մոսկուայէն վերադարձած էր Պոլիս:  Այդ օրերուն նախատեսուած էր բողոքի հաւաքով  մը դիմաւորել Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռի գլխաւոր  յաւակնորդ ՝ Տ. Արամ արքեպիսկոպոսը:

Յիշեցնենք, որ Թրքահայ  կրօնաւորը Գերմանիոյ Պունտէսթակի հայանպաստ բանաձեւէն ետք  «զօրակցական» նամակ մը  յղած էր  Թուրքիոյ  նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին, որուն հետեւանքով հայկական շրջանակներ  բողոքած էին անոր արարքին դէմ: