Ես Հայաստանն եմ:
Արիացի իմ ժողովուրդի անունով կոչուած պիպլիական երկիրն եմ ես՝ մշտապէս կիսանկախ՝ մշտապէս ազատութիւն տենչացող երկիրն եմ ես:
Վահագն, Անահիտ, Տիր Աստուածներու, Գառնի կառուցած ժողովուրդի երկիրն եմ ես:
Արքայից-արքաներու եւ աշխարհակալ գահակալներու ծնունդ տուած երկիրն եմ ես: Քրիստոսի առաքեալները ընդունող, Երերուքի տաճառը կառուցող առաջին քրիստոնեայ երկիրն եմ ես:
Մաշտոցեան գիրերը սրբացուցած եւ զանոնք մագաղաթի վրայ արձանագրած ժողովուրդի երկիրն եմ ես:
Մշտապէս բաժան-բաժան եղած թագաւորութիւններու երկիրն եմ ես:
Եկեղեցին ու պետութիւնը միաձուլած շինականի երկիրն եմ ես:
Վանքերու երկիրն եմ ես, նաեւ Գողթան գուսաններու երկիրը:
Մեղաւորներու փոխարէն աղօթող Նարեկացի եւ մարդկանց համար սէր երգող Քուչակ ծնած երկիրն եմ ես:
Ձեռագիր գիրքերը ծաղկած Կիլիկիացի Ռոսլինի եւ օտարութեան մէջ տպագիր գիրք ստեղծած Մեղապարտի հայրենիքն եմ ես:
Առասպելական Տորքի ու Նուարդին եւ ինծի հաւատարիմ՝ լեռնացած, դիւցազն Արայի երկիրն եմ ես:
Ինծի համար զոհուած անձնուրաց Մամիկոնեաններու, նաեւ իմ մայրաքաղաքները ծախած Վեստ Սարգիսներու երկիրն եմ ես:
Բաժնուած եկեղեցիներու եւ կաթողիկոսութիւններու, այլազան դաւանանքներու հետեւող զաւակներու երկիրն եմ ես:
Ներսէս Աշտարակեցիի եւ Խրիմեան Հայրիկի երկիրն եմ, Նաեւ Մխիթար Աբբահօր ու Օրմանեան Պատրիարքի հայրենիքն եմ:
Երուսաղէմի Ս.Յակոբ եկեղեցին իմս է. իմ զաւակներուսն են՝ իմս, Կոստանդնուպոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցը, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին, Զմմառի վանքը, Հալէպի Քառասնից մանկանց մայր եկեղեցին:
Գլաձորի համալսարանը իմ ծոցիս մէջ ծնունդ առած է, իմս եղած է նաեւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը, Պոլսոյ Կեդրոնականն ու Պէրպէրեանը, իմս է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը:
Իմ զաւակներս չե՞ն Թումանեանը, Իսահակեանը, Սիամանթոն, Վարուժանը, Շահնուրն ու Շուշանեանը, Որբունին, Սեւակը, Սահեանը, Ծառուկեանն ու Սիմոնեանը, Պիպէռեանը, Զահրատը, Խրախունին, Սարը Ասլանը, Հատտէճեանը, Սարոյեանը, Զէյթունցեանն ու Պլըտեանը, միւսները…
Իսկ երգահա՞նս՝ Սողոմոնը՝ Կոմիտասը, հապա միւսները՝ Սպենդիարեանէն մինչեւ Ալան Յովհաննէսը, Ազնաւուրը, բոլորը իմ զաւակներս են, ես իրենց հայրենիքն եմ:
Հապա նկարիչնե՞րս՝ Այվազովսքին, Սարեանը, Գառզուն, Մինասը…
Իսկ գիտնականնե՞րս բժիշկներս, Շիրակացիէն Հերացիէն մինչեւ աստղագէտ Համբարձումեանս, այսօրուած երիտասարդ ծրագրաւորողներս…
Բոլորը հայ են, բոլորը զաւակներս են, բոլորինն եմ ես որովհետեւ ես հայերու երկիրն եմ, իրենց անունով կոչուած Հայաստան աշխարհը:
Ես Հայաստանն եմ, Իմ պատմութիւնս մարտնչումներու պատմութիւն եղած է, պարտութիւններու եւ բարոյական յաղթանակներու պատմութիւն, պանդխտութեան եւ գաղութներու պատմութիւն, Զարթօնքի, ազատագրական պայքարի եւ դառն պարտութեան՝ նախճիրի, ինքնապաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան պատմութիւն:
Կարճ, շատ կարճ ժամանակի համար անկախութեան տիրացած վիրաւոր երկիրն եմ ես:
Անկախութիւնը կորսնցուցած, թէեւ կախեալ սակայն երկիրներու խումբի մը մէջ արժանաւոր տեղ գրաւած հանրապետութիւնն եմ ես:
Ազգովին պայքարի ելած, մեծ երկրաշարժով ծունկի եկած-ոտքի կանգնած, նորագոյն ազատագրագան կռիւ մղած, ազնուագոյն հաւաքականութիւն դարձած, հաւատացած-հաւատքը կորսնցուցած ազգի երկիրն եմ ես:
Քառորդ դար առաջ կրկին անկախութեան տիրացած երկու հանրապետութիւններէ բաղկացած ազատութեան ձգտող երկիրն եմ ես:
Հարուստներու եւ աղքատներու երկիրն եմ ես: Հարստահարողներու եւ հարստահարուողներու երկիրը: Իշխողներու եւ իշխուողներու երկիրը, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան երկիրը, նաեւ ապագաս կառուցողներու երկիրը:
Տաս միլիոն հայերու երկիրն եմ ես՝ հայրենիքը. Հայաստանցիինը եւ դուրսը ապրող հայուն հայրենիքը:
Եւ տխուր եմ ես, որովհետեւ իմ բոլոր զաւակներս հետս չեն: Տխուր եմ ես որովհետեւ իմ զաւակներէս ոմանք՝ հալէպահայերը վտանգի մէջ են, անոնցմէ շատեր զոհուեցան, զոհուեցան յանուն ոչինչի, անոնցմէ շատեր դարձեալ բռնեցին գաղթի ճամբան, անծանօթ՝ օտար, անհարազատ օտար երկիրներու ճամբան: Անոնցմէ ոմանք բարեբախտաբար եկան գիրկս եւ ես զանոնք ընդունեցի սիրայօժար, ես շատ բան չկրցայ ընել անոնց համար, որովհետեւ կարելիութիւնը չունէի, սակայն զանոնք գրկաբաց, առանց որեւէ հարցումի ընդունեցի, անոնք բոլոր հարցումներուս պատասխանները մէկ ամբողջական, ինծի հարազատ, ինծի պատկանող, մեզ իրար միացնող մեզ մէկ դարձնող թանկագին մասնիկով կու տան՝ «ԵԱՆ»ով, որմով կը դառնան իմ զաւակներս, նաեւ տէրս:
Այո՛, տխուր եմ, ես՝ Հայաստանս, տխուր ըլլալու շատ պատճառներ ունիմ, նախ կը վախնամ որ աշխահցռիւ բոլոր հայերն ալ կրնան օր մը Հալէպի ճակատագիրը ունենալ, կամ կրնան կամաց-կամաց ձուլուիլ, օտարանալ, օտարանա՞լ, կրնա՞յ զաւակ մը իր մօր համար օտար դառնալ… ո՛չ, իմ աչքս միշտ ալ հեռուները ուղղուած պիտի մնայ, սպասելով զաւակներուս վերադարձը. նոյնիսկ օտարացած զաւակներուս վերադարձը: Ճիշդ է, երկիր-մայրը չի մոռնար իր զաւակները, սակայն անոնցմէ շատեր մոռցած են զիս, այսօր ալ կը մոռնան վաղն ալ պիտի մոռնան:
Տխուր եմ ես, տխուր եմ հո՛ս՝ իմ մէջս ապրողներուն համար: Իմ զաւակներս աշխատասէր են, խելացի են, հմուտ արհեստաւոր, հոշամշակ, գրող, գիտնական, արուեստագէտ, մարզիկ, սակայն անոնց մեծ մասը արժանավայել կեանք չ’ապրիր, իմ մէջս բոյն դրած անարդարութիւնն ու կեղեքումը վերջ չեն գտներ ու ես կը մնամ տխուր, շատ տխուր, որովհետեւ կեղեքողն ալ իմ զաւակս է, կեղեքուողն ալ:
Ու հպարտ եմ ես: որովհետեւ ունիմ, իմ երիտասարդ զաւակներս կան: Անոնք այսօր կը պաշտպանեն զիս, անոնք կը նահատակուին ինծի համար, զանոնք ոչ մէկ զէնք կրնայ վախցնել: Ու այդ երիտասարդները, որոնք գիտնականներ են, ճարտարապետ-շինարարներ եւ այլ մասնագիտութեան տէր անձիք, զէնքը ձեռքերնին, ամէն վայրկեան զոհուելով նոյն ձեռքով կը կառուցեն իմ ապագան: ու նոյնիսկ անթեղուած հաւատքը չի կրնար արգելք դառնալ այն գիտակցութեան, որ ես իրենցն եմ, համայն աշխարհի մէջ ե՛ս եմ իրենց աշխարհը, մեծ երկրագունդի իրենց միակը, որ այսօր կոտորակուած, տանջուած, անկախութեան ձգտող անկախ երկիր է՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Ու այս ճշմարտութիւնը այսօր ամէնէն շատ կը գիտակցի հայրենիքին հեռու, հայրենիքին մօտիկ տագնապի երկար տարիներ ապրած հալէպահայը, որուն իր լուռ նայուածքով, արտասանուելու կարիք չունեցողբառերով կը նայի մեր հայրենիքը, մրմնջալով.
-Ո՛վ հայ, դուն, ի՛նչ ալ որ ըլլաս, ես քուկդ եմ որովհետեւ ԵՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԵՄ:
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 21 Սեպտ. 2017