Վերջին օրերուն միջազգային ինչպէս նաեւ հայկական լրահոսին մէջ կարեւոր օրակարգ հանդիսացաւ Սուրիոյ Աֆրին սահմանային քաղաքը: Մասնաւորապէս Թուրքիոյ նախաձեռնած «Ձիթենիի Ճիւղ» գործողութենէն ետք, Աֆրինը դարձաւ վերլուծաբաններու, ինչպէս նաեւ լրագրողներու ուշադրութեան կեդրոն: Այս առումով ալ «Արեւելք» Աֆրինի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով, դիմեց հալէպահայ եւ ներկայիս Երեւան հաստատուած Հրայր Ակիլեանին, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Պրն. Ակիլեանի ընտանիքը Արեւմտահայաստանէն Սուրիա գաղթած է եւ առաջին հանգրուանին հաստատուած է Աֆրինի մօտ գտնուող Ազազ քաղաքին մէջ:
Ստորեւ Հրայր Ակիլեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը.-
-Պրն. Ակիլեան, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել Աֆրինի մասին, մանաւանդ որ տարբեր առիթներով լսած ենք, որ հալէպահայութիւնը որոշակի կապ մը ունեցած է այդ քաղաքին հետ:
-Աֆրինը պատմական քաղաք մըն է, որ ունի աւելի քան 2000 տարուան անցեալ: Պատմութիւնը կ’ըսէ, որ այդ շրջանին մէջ նոյնիսկ ապրած են հիթիթներ եւ տարբեր ցեղեր, հետեւաբար եթէ Աֆրինի անցեալը ներկայացնելու ըլլանք, պիտի հասկնանք որ այդ քաղաքը իրապէս պատմական մեծ ժառանգութիւն ունեցող քաղաք մըն է եւ ատոր մասին կը վկայեն ցայսօր ալ քաղաքին մէջ գոյութիւն ունեցող յունահռոմէական շրջանի կամուրջները եւ տարաբեր զբօսաշրջային կէտերը:
-Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ հայեր յայտնուեցան Աֆրինի մէջ:
Եթէ մօտիկ անցեալի տուեալները ուսումնասիրենք, ապա պիտի հասկնանք եւ տեսնենք, որ Աֆրինի հայերը բնականաբար այդ շրջանը եկած են Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին: Աֆրինի մօտ Քաթմա անունով երկաթուղագիծի կայարան մը կար, որուն շնորհիւ ալ մասնաւորպէս Քիլիսէն եւ Այնթապէն հայեր այդ երկաթուղագիծը օգտագործելով կը հասնէին Քաթմա, որ կառուցուած էր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, եւ անկէ ետք յետիոտն կը հասնէին մինչեւ Աֆրին:
Կ’ուզեմ նաեւ ըսել, որ Արեւմտահայստանի Քիլիս քաղաքը շատ հեռու չէ Աֆրինէն եւ ան կը գտնուի 12 քմ. հեռաւորութեան վրայ:
Ես նաեւ իմ նախնիներէս լսած եմ, որ մեր նախահայրերը շատ անմարդկային պայմաններու տակ յատուկ վակոններով հասած են Քաթմա եւ անկէ ետք յետիոտն անցած եւ հասած են Աֆրին: Այստեղ նաեւ կ’ուզեմ յիշեցնել, որ նոյն ժամանակաշրջանին էր, որ մեծ թիւով Տիգրանակերտցի հայեր այս անգամ հաստատուեցան Սուրիոյ Ռաս ուլ այն, Թէլ Ապիատ, ինչպէս նաեւ Գամիշլի քաղաքներուն մէջ: Ու կը պատմուի նաեւ, որ Քաթմա հասած մեր հայորդիներէն շատ շատերը ուղղակիօրէն մեկնած են Երուսաղէմ եւ Հալէպ:
-Պրն. Ակիլեան, հակիրճ կերպով ներկայացուցիք պատմական անցեալը այդ շրջանին, բայց կ’ուզենք ճշգրիտ կերպով իմանալ մինչեւ որ թուական հայերը մեծ ներկայութիւն էին Աֆրինի մէջ:
Ճիշդը որ ըսեմ, իմ տուեալներով եւ ինչքան որ ես կը յիշեմ, մինչեւ 20-30 տարի առաջ Աֆրինի մէջ հայ ընտանիքներ կային: Ճիշդ է որ համայնքային կեանք չկար, եկեղեցիներ չունէին, բայց այնտեղ հայ ընտանիքներ կային: Այստեղ նաեւ պէտք է ըսեմ, որ Աֆրինի կից Ազազ քաղաքը շատ կարեւոր հայկական գիւղաւան մըն էր եւ հոն ապրող հայ բնակչութեան թիւը կը հասնէր մինչեւ 5000-ի եւ անոնք նոյնիսկ ունեցծ են եկեղեցի մը:
Ես լսած եմ նաեւ, որ այդ շրջանին է, որ Հայ Աւետարանական համայնքի գործիչներ եւ օտար միսիոնարներ Աֆրին հասած են եւ այնտեղ հիմնած են աղօթատեղիներ: Իսկ Ազազի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին գործած է միչեւ 1968 թուական եւ բնակչութեան թիւի նօսրացումին հետ ալ եկեղեցին փակած է իր դռները:
-Յաճախ լսած ենք, որ Աֆրինի քիւրտերը հայախօս են, ի՞նչ տեղեկութիւն ունիք այդ մասին:
-Իմ ունեցած տեղեկութիւններով կամ այն ինչ որ մեր մեծերէն լսած եմ , Աֆրինի քիւրտերուն 50 տոկոս բնակչութեան արմատները եւ յատկապէս անոնց մայրերը հայեր են: Եւ այդ մէկը եղած է բնականաբար երբ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մայրերը, մեր պարմանուհիները ձեւով մը քրտացած են եւ աւելի ուշ ալ դարձած են այդ հայախօս սերունդի անդամներուն մայրերը: Ու եթէ քիչ մը պրպտենք եւ իրաւացի ըլլանք ապա պիտի ըսենք, որ Աֆրինի քիւրտերու արեան մէջ մեծ տոկոս մը հայկական արիւն կայ:
-Իսկ ինչո՞վ յայտնի էր Աֆրինը, յատկապէս նախապատերազմեան շրջանի Սուրիոյ մէջ:
Աֆրինը հողագործական շրջան մըն է եւ յայտնի է մանաւանդ իր ձիթենիներով, պատահական ալ չէ, որ արդիական ձեւերով ձէթ արտադրելու այդ ճարտարարուեստը հայերը բերած են այդ շրջանը: Անշուշտ կայ նաեւ բանջարեղէնի մեծ արտեր, բայց Աֆրինը ամէնէն շատ յայտնի է իր ձէթով, որուն հռչակը նաեւ հասած էր Սուրիոյ սահմաններէն դուրս:
Ու ինչպէս քիչ առաջ ըսի, ամբողջ Սուրիան գիտէ, որ այդ շրջանին մէջ ձէթի արտադրութեան գործը հայերը զարգացուցած են եւ այդ ընտանիքներէն ալ մինչեւ հիմա կը յիշեմ Մակարեանները եւ Տէր Վարդանեանները, որոնք մեծ եւ արդիական ձէթի գոծարաններ հիմնած էին շրջանին մէջ, անշուշտ մինչեւ 70-ականներու աւարտը:
-Այսինքն կրնանք ըսել, որ այսօր հայերը ձէթի գործով չեն զբաղուիր կամ այդ գործերուն մէջ չկան:
Ճիշդն ասած, յստակ տուեալներ չունիմ, բայց լսողաց եմ, որ ցայսօր ալ կան գործարաններ, որոնց տէրերը հայեր են:
-Յաջորդ հարցումս կը վերաբերի այն մասին, որ արդեօք նախապատերազմեան տարիներուն հալէպցիք Աֆրին կ’երթայի՞ն:
Մինչեւ 70-ականներու կէսերը հալէպահայութեան մեծ տոկոսը, յատկապէս աշնան շրջանին Աֆրին կ’երթային, ապահովելու համար իրենց ձմեռուայ տարբեր տեսակի պաշարները, ինչպիսին է՝ ձէթը, ձիթապտուղը, կարագը, պանիրը եւ նման արտադրութիւններ, որոնք իրապէս որ որակաւոր էին Աֆրինի մէջ: Սակայն երբ որ առեւտուրի պայմանները աւելի հեշտացան, այս անգամ Հալէպի խանութպանները սկսան այդ արտադրութիւնները Աֆրինէն բերելով վաճառել Հալէպի բնակիչներուն:
-Իսկ ինչպէ՞ս կը բնութագրէք տեղի քիւրտերուն եւ հայերուն միջեւ եղած յարաբերութիւնները:
Աֆրինի յատկապէս քիւրտերուն հետ մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած ենք եւ իրենք հայերուն հանդէպ դրական վերաբերմունք մը ունեցած են եւ այդ մէկը ես կը վերագրեմ անոր, որ ինչպէս քիչ առաջ վերը ըսի, Աֆրինի քիւրտերու մեծ տոկոսին մեծմայրերը խորքին մէջ հայեր են: