Զգաստութեան Կոչ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» Վերջնագրով Չըլլար. ՌԱԿ
Advertisement 1000 x 90

Զգաստութեան Կոչ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» Վերջնագրով Չըլլար. ՌԱԿ

Ի տես Հայրենիքի մէջ ընթացք առած ու տակաւին շարունակուող ցաւալի դէպքերուն՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս համահայկական վեհ սկզբունքներէ ու մտահոգութենէ առաջնորդուած ու նկատի ունենալով Հայ ժողովուրդին այլապէս ալ սպառնացող վտանգները, զգաստութեան կոչ կ’ուղղէ՝

Մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակ բոլոր բողոքարարներուն, որ իրենց բողոքն ու կարծիքները արտայայտեն սահմանուած օրէնքներու շրջագիծէն ներս, հեռու՝ ամէն տեսակի արկածախնդրութենէ եւ դէպքերը անհաշիւ, անհակակշռելի ու հետեւանքները անծանօթ ուղղութեամբ մղելէ:

Հայրենի ոստիկանական ուժերուն, որ ինքնազուսպ ու աւելի եւս համբերատար ու հանդուրժող ըլլան հանդէպ բողոքներու մասնակից իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ հեռու մնալով բիրտ կամ անհաւասար ուժ կիրարկելէ:

Ժողովրդային բողոքի կազմակերպիչներուն, որ առանց նախապայմաններու բանակցութեան երթան փոխադարձ ու տրամաբանական զիջումներու սկզբունքներով, որ հիմնուած ըլլայ սահմանադրութեան ու առողջ ժողովրդավարութեան տրամաբանութեան վրայ:

Վերջապէս ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս ցաւով կը յիշեցնէ ու կը զգուշացնէ, որ այս իրավիճակին աւելի եւս բարդացումը ատելութիւն եւ երկուութիւն կրնայ ստեղծել Հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ՝ առիթ տալով Հայ ժողովուրդի թշնամիներուն ու օտար ուժերուն օգտուելու իրավիճակէն կամ միջամուխ ըլլալու մեր սիրելի Հայրենիքի ներքին խնդիրներուն մէջ: Կը մնայ նաեւ յուշել բողոքը կազմակերպող կողմին, որ «Խաղաղ, համբերատար, անարիւն ու թաւշեայ յեղափոխութիւնը», ինչպէս յայտարարուած էր իր բերնով, վերջնագրով չէ, որ կ’իրագործուի, այլ հանդուրժողական ու կառուցողական երկխօսութեամբ՝ յօգուտ Հայ ժողովուրդին ու Հայրենիքին ապահովութեան ու գոյատեւումին:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս լիայոյս է, որ Հայ Ժողովուրդն ու Հայրենի պետութիւնը այս ճգնաժամն ալ կ’անցընեն նուազագոյն վնասներով ու անսպի վէրքերով:

Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր Ատենապետ



Նման նյութեր