Պոլսոյ պատրիարքութեան ընդհանուր տեղապահ Տ. Արամ արք. Աթէշեան ժամանած է Երեւան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրներէն: Կայքին մօտիկ աղբիւր մը փոխանցեց նաեւ, որ Տ. Արամ Սրբազանի Մայր աթոռ կեցութիւնը պիտի ըլլայ շատ կարճ եւ քանի մը օրուան համար: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն կը նախատեսուի, որ Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան հարցը դառնայ քննարկման առանցք՝ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն կաթողիկոսին եւ Պոլսոյ Պատրիարաքութեան ընդհանուր տեղապահին միջեւ:
Նշենք, որ Հռոմի Պապին Հայաստան տալիք այցի ժամանակ Տ. Արամ Սրբազան ջնջած էր Հայաստան գալու իր ծրագիրը եւ Մոսկուայէն վերադարձած էր Պոլիս: Այդ օրերուն նախատեսուած էր բողոքի հաւաքով մը դիմաւորել Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռի գլխաւոր յաւակնորդ ՝ Տ. Արամ արքեպիսկոպոսը:
Յիշեցնենք, որ Թրքահայ կրօնաւորը Գերմանիոյ Պունտէսթակի հայանպաստ բանաձեւէն ետք «զօրակցական» նամակ մը յղած էր Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին, որուն հետեւանքով հայկական շրջանակներ բողոքած էին անոր արարքին դէմ: