”Մէկ չգրուած օրէնք կայ. իրենց երեխաները իրարու հետ կ՛ամուսնացնեն”
«Սասունի հայերու միութեան» անդամ Եփրեմ Պաղը ոսկերիչ է, “Bag” ոսկերչական ընկերութեան նախագահն է: Ան ծնած է Սասունի Նիճ գիւղը 1957 թուականին: 15 տարի Սասունի մէջ ապրելէ ետք, տեղափոխուած է Պոլիս: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն Այսօր» կայքէջը ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը կատարած է Եփրեմ Պաղի հետ։
– Սասունի մէջ հայեր շա՞տ կան:
– Շատ, ամէն գիւղի մէջ 50-60 տուն կայ, որմէ 15-20 տունը հայ են: Սասունի մէջ գիւղեր կան, ուր բոլորը հայ են: Սակայն, յատկապէս վերջին տարիներուն շատերը տեղափոխուեցան Պոլիս, մէկ մասն ալ քրտացաւ:
– Անոնք հայերէ՞ն կը խօսին:
– Այո, Սասնոյ բարբառով:
– Ցեղասպանութենէն ետք ինչպէ՞ս մնացած են Սասունի մէջ:
– Անմատչելի է Սասունը, ամէն տեղ սարեր են, այդ պատճառով հայերը շատ չկոտորուեցան: Եւ իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնը ունի, կենդանի մնալու, ապրելու իր ոդիսականը: Բայց մէկ բան բոլորին համար ընդհանուր եղած է` դժուարութիւնները: Ցեղասպանութենէն ետք շատ դժուար էր Սասունի մէջ շարունակել ապրիլ:
Շատերը քիւրտ աղաները փրկած են, պահած, պաշտպանած: Հայերը լաւ արհեստաւորներ են, իսկ անոնց այդպիսի մարդիկ պէտք եղած են, այդ պատճատով ալ օգնած են, որ թաքնուին:
Մեր պապերը երեք օր իրենք իրենց համար կ՛աշխատէին, չորս օր` գիւղի քիւրտ աղաներուն: Անոնք ուրիշ ճամբայ չունէին, ուրիշ տեղ փախչելու ճար չունէին: Իրենց կեանքի գնով շարունակած են ապրիլ, մէկ մասն ալ կրօնափոխ եղած է:
– Ըսիք, որ մէկ մասը կրօնափոխ եղած է, միւսները` ոչ: Հետաքրքիր է, ինչո՞ւ:
– Գործող եկեղեցի չէ եղած, որ կարենար մարդոց միաւորել: Կրօնափոխ կ՛ըլլային նաեւ. երբ քիւրտերը մեր աղջիկները կը փախցնէին:
երբ կեանքի ու մահուան ընտրութեան առջեւ կանգնած են, շատերը նախընտրած են կրօնափոխ ըլլալ, բայց կենդանի մնալ: Ու անոնց ոչ մէկը չի կրնար մեղադրել:
Ու երբ այսօր անոնց կը հարցնես, թէ ձեր պապերը հայ եղած են, քրիստոնեայ, ինչո՛ւ դուք կրօնափոխ եղաք, կ՛ըսեն, որ արդեն վարժուած են այդ ձեւով ապրելու, թէեւ գիտեն, որ հայ են: Մէկ մասը, թէկուզ կրօնափոխ են, բայց կը պահեն իրենց հայկականութիւնը:
Օրինակ` իմ մեծ մօրս եղբօր ընտանիքը քրտացած է եւ այսօր անոր ընտանիքը մօտ 200 անդամ ունի: Անոնց մօտ, սակայն, մէկ չգրուած օրէնք կայ. իրենց երեխաները իրարու հետ կ՛ամուսնացնեն, քիւրտերուն աղջիկ չեն տար, որ “դուրս” չերթան:
-Իսկ կը շարունակե՞ն Սասունի բարբառով խօսիլ:
– Միայն մեծերը:
– 1915 թուականէն առաջ ի՞նչ եղած է ձեր մականունը:
– Շառոյեան եղած է: Բայց յետոյ դարձած է` Պաղ, որ այգի կը նշանակէ:
– “Սասուն” միութիւնը, որու անդամն էք դուք, ե՞րբ ստեղծուած է:
– Երեք տարի առաջ ստեղծուեցաւ, Համահայկական խաղերու ժամանակ: Միութիւնը տարբեր նպատակներ կը հետապնդէ, բարեգործական նախաձեռնութիւններ իրականացնէ, հայերէնի ուսուցման դասընթացքներ կը կազմակերպէ: Բայց ամենակարեւորը` մարդոց կը միաւորէ:
Պոլսի մէջ 70 հազար հայ կ՛ապրի, 20 հազարը սասունցի են: Բոլորը կապուած են իրարու, մէկը միւսին կը ճանչնայ, կ՛աջակցի:
– Ձեր մեծ ծնողներէն ի՞նչ լսած էք:
– Մեծ մայրս կը պատմէր, որ ընտանիքի 64 անդամներէն երկուքը փրկուած են: Բոլորը սպաննած են ու շատերուն մահը իր աչքով տեսած է: Շատ դաժան օրեր տեսած է: Այդ մասին ամէն օր կը յիշէր եւ կ՛արտասուէր:
Նոյեմբեր 20, 2014