Փարիզահայ երիտասարդներուն օգնելու համար միաւորում ստեղծուած է:
«Մեր ցանկութիւնն է, որ դատը ստանայ քաղաքական բնոյթ, եւ վկաները խօսին Ցեղասպանութեան, աշխարհաքաղաքականութեան մասին»,- «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Եղիշէ Գորիզեան, որ երկու տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլի վրայ նուռի հիւթ թափելու «յանցանք»ին մէջ մեղադրուող հայորդիներ Դրօ Մոմճեանին եւ Տաթ Տեմիրին օժանդակող մարմինի անդամներէն մէկն է:
Մեր զրուցակիցը յայտնեց, որ երիտասարդ հայորդիները ընդամէնը ջուր ցօղած են դեսպանին վրայ, բան մը, որ խորհրդանշական բնոյթ ունեցող արարք է: Այն դեսպանին ոչ մէկ վնաս հասցուցած է, միայն շապիկն աղտոտած է. «Անոնց ձեռքերն աղտոտ են, թող շապիկներն ալ աղտոտին»:
Եղիշէ Գորիզեան յայտնեց, որ դատը, որ պէտք է տեղի ունենար այս Մարտի 7-ին, դատարանի նախաձեռնութեամբ հետաձգուած է, քանի որ յաւելեալ ժամանակի կարիք կայ. աւելի ընդգրկուն եւ մեծ դատ կը սպասուի, քան նախատեսուած էր: Դատը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մերձակայքը գտնուող Նանթէղ քաղաքին մէջ՝ անմիջապէս Փարիզի կողքը (փարիզցիներն այն Փարիզ կը համարեն): Իսկ դատի օրը տակաւին յստակ չէ:
Խօսելով այն գործին վերաբերեալ տեղի հայ համայնքի ունեցած կարծիքին ու վերաբերմունքին մասին, մեր զրուցակից նշեց, որ իրենց կողքին քիչ թիւով հայեր կանգնած են:
«Մենք կոչ ուղղեցինք, զոր ստորագրեցին թուրքերը, քիւրտերը, մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղողները, ֆրանսացիներն ու պելճիքացիները, սակայն հայութիւնը սակաւաթիւ էր: Մեզի յայտնի չէ՝ հայերն ինչ կ’ուզեն ընել կամ ինչ կը մտածեն, հաւանաբար կը վախնան այս երիտասարդներուն կողքը կանգնելէն, որպէսզի Ֆրանսայի ղեկավարութեան հետ վատ յարաբերութիւններ չստեղծուին»,- ըսաւ Գորիզեան, աւելցնելով, որ երկու երիտասարդներն ալ աքթիւիստներ են, իրենց արարքին համար չեն վախնար եւ կը գիտակցին իրենց ըրածը: «Երբ միջադէպը տեղի ունեցաւ, անոնք «Նոր սերունդի» անդամներ էին, իսկ այժմ այլեւս չեն: Տղաներու քաղաքական հայեացքները փոխուեցան, եւ կը կարծեմ, որ «Նոր սերունդ»ի անդամները այլեւս նման բաներ չեն ըներ: Ֆրանսայի Դաշնակցութիւնը ցանկութիւն ունի մօտ ըլլալ երկրի ղեկավարութեան, վերջինս ալ ցանկութիւն ունի մտերմանալ Թուրքիոյ հետ, կը նշանակէ, որ հարկաւոր է զատել, բան մը, որ այս երկու երիտասարդներն ըրին»:
Ե. Գորիզեան նշեց, որ այս երիտասարդներուն նման շատեր կը մտածեն եւ կը յայտնեն իրենց աջակցութիւնը: Սակայն կազմակերպութիւնները չեն կանգնիր իրենց կողքը՝ վախնալով, որ այս ամէնուն մէջ վտանգ կայ: «Ժողովուրդը մեր դէմ չէ, բայց ոչ ալ մեր հետ է»:
Երիտասարդներուն օգնելու համար միաւորում ստեղծուած է, որուն 15 անդամները միայն այս գործին վրայ կ’աշխատին՝ ունենալով շատ օժանդակողներ եւ օգնողներ: