Հայրենադարձած լրագրող Ռուբիկ Մինասեան օրերս հանրութեան դատին պիտի ներկայացնէ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի հայութեան մասին նկատարհանած իր ֆիլմը:
Ֆիլմը, որուն նկարահանումները կատարուած են Հալէպի մէջ կը ներկայացնէ յետպատերազմեան Հալէպի ընդհանուր իրավիճակը: Լրագրող Մինասեան, որ անձամբ այցելած է Հալէպ հարցազրոյցներ ունեցած է Հալէպի հայկական համայնքի տարբեր մակարդակի կրօնական եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ կարողացած է թարմ նկարահանումներ իրկանացնել Հալէպի հայկական թաղամասերէն:
Ֆիլմին մէջ յատուկ տեղ կը տրուի Հալէպի պատմական անցեալին, ինչպէս նաեւ հոն հարցադրումներ կը հնչեն միջին արեւելքի հայութեան երբեմնի գլխաւոր կեդրոն համարուող հայկական դրոշմ ունեցող այդ քաղաքին ապագային վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ Ֆիլմի նկարահանումներու իրականցաման համար կարեւոր նեցուկ հանդիսացած են հալէպահայ մարմիններ եւ յատկապէս Հալէպի ՍԴՀԿ մարմինն ու Հայ Աւետարանական համայնքի ղեկավարութիւնը:
Ֆիլմի ցուցադրութեն թուականը պարզ պիտի դառնայ մօտիկ ապագային: