Բաց նամակ Կարօ Փայլանին. westernarmeniatv.com
Advertisement 1000 x 90

Բաց նամակ Կարօ Փայլանին. westernarmeniatv.com

Ի գիտութիւն Արեւմտեան Հայաստանի թէ’ գրաւեալ տարածքներուն վրայ ապրող,
եւ թէ’ աշխարհասփիւռ տարագիր Հայութեան

Յարգելի Տեար Փայլան,

Իմ հայրական գերդաստանս ալ Ստամբուլի Հայեր էին։ Մեծ հօրս հայրը անմիջապէս փոխադրուեցաւ Ադանա, երբ Հայկական Լեգիոնը Կիլիկիան ազատագրեց 1918-ի վերջերը։ Բայց յետոյ չհանդուրժելով Աթաթիւրքի 1923-ին հռչակած նոր Թիւրքիոյ իշխանութիւնը՝ որոշեց գաղթել Սուրիա։

19 Յունուար 1920-ին Վերսայլի խաղաղութեան վեհաժողովը դէ ֆակտո ճանչցաւ Հայաստան Պետութիւնը, եւ 22 Նոյեմբեր 1920-ին ԱՄՆ նախագահ Ուիլսոնը իր պարտադիր իրաւարար վճիռովհաստատեց Հայաստան պետութեան եւ Թիւրքիոյ միջեւ սահմանագիծը, ըստ որուն Թիւրքիան յաջորդ օրը ալ Հայկական տարածքները պէտք է յանձնէր Հայկական կառավարութեան, ինչը տեղի չունեցաւ, հետեւաբար եւ ըստ 1907-ի Հաագայի 4-րդ պայմանադրութեան 3-րդ մասի 42-րդ յօդուածին՝ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռով յատկացուած Հայկական տարածքները ստացան գրաւեալ երկրի կարգավիճակ։

Այսօր գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի թէ’ տարածներէն ներս ապրող եւ թէ’ ցեղասպանութենէն փրկուածներու տարագրեալ Հայութեան սերունդները կը պայքարին միջազգային օրէնքներով Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքները պաշտպանելու եւ զայն ազատագրելով հոն վերադառնալու նպատակին համար, ունենալով մէկ եւ միակ ծրագիր՝ վերականգնել վերոյիշեալ միջազգային ճանաչում ստացած ինքնիշխան Հայաստան պետութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի Ուիլսոնեան տարածքներուն վրայ, եւ Հայկական դրօշակի ներքոյ։ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ապրող եւ այնտեղէն աշխարհասփիւռ դարձած ողջ ժողովուրդը այլ ծրագիրներ չունի՝ եւ ոչ ոք իրաւունք ունի մեր անունով հադէս գալու կամ այլ ծրագիրներ առաջարկելու։

Դուք՝ Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւող Թիւրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացին էք։ Հիմնադիր անդամ էք թրքական կուսակցութեան մը, որ հիմնադրուած է ու կը գործէ ըստ Թիւրքիոյ օրէնքներուն եւ սահմանադրութեան, ու ի նպաստ Թիւրքիոյ գերագոյն շահերուն, որոնք ոչ մէկ ձեւով կապ ունին ձեր նշած “հայաշխարհին” հետ։

Վերջին օրերուն ձեր կատարած յայտարարութեամբ ինքներդ ձեզ ներկայացնելով “հայաշխարհի”ներկայացուցիչը՝ ոչ միայն քաղաքական տհասութիւն է ու տգիտութիւն, այլեւ խիստ անպատասխանատու եւ վնասակար է Հայութեան գերագոյն շահերուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման գործընթացին։

Ձեր կուսակցութիւնը՝ որու անունը (Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն) կը պարզաբանէ իր նպատակը, այն է՝ փակել Թիւրքիոյ անցեալի մութ էջերը ու հիմնադրել ժողովրդավար նոր Թիւրքիա, որտեղ ժողովուրդները կողք կողքի կ’ապրին ազատ ու երջանիկ՝ թիւրք ինքնութեան ներքոյ եւ թրքական դրօշակին տակ, որպէս տարբեր էթնիկ ծագումով թիւրքեր։ Այսինքն այլ բառերով՝ վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան ժամանակի կարգավիճակը։ Նոյն այն ինչին՝ որուն կը ձգտի Պարոն Էրդողանը։

Դուք որպէս Թիւրքիոյ քաղաքացի՝ ազատ էք ձեր քաղաքական որեւէ դիրքորոշումը ունենալու, ըստ ձեր ազատ համոզումին ու սեփական նպատակներուն, բայց երբէք ազատ չէ’ք հանդէս գալու Հայկական տարագիր սփիւռքի անունով, երբէ’ք։

Դուք նոյնիսկ Թիւրքիոյ Հայութեան ներկայացուցչական հանգամանքին չէ’ք կրնար հաւակնիլ, ի հարկէ ո’չ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներէն ներս, եւ ոչ ալ մնացած Թիւրքիոյ (այսինքն Անկարայի, Ստամբուլի, Իզմիրի…եւայլն)։ Ներքին կարգով՝ դուք կը ներկայացնէք միայն ձեր սեփական ընտանիքը եւ ձեր կուսակցութիւնը։ Իսկ արտաքին ճակատի վրայ՝ դուք կը ներկայացնէք Թիւրքիոյ իշխանութիւնները։ Հետեւաբար դուք իրաւունք չունի’ք Թիւրքիայէն դուրս հանդիպումներ կատարելու տարագիր Հայկական սփիւռքին հետ, ու կոչերով հանդէս գալով տարագիր Հայկական սփիւռքի ներոյժը ծառայեցնէք Թիւրքիոյ ներքին քաղաքականութիւններուն, ինչպէս ըրիք 2017-ին՝ ձեր Գանադա եւ ԱՄՆ կատարած այցելութեան ընթացքին։

Դուք այս ձեւով կը շահագործէք ողջ Հայութեան զգացմունքները՝ մանաւանդ տարագիր Հայկական սփիւռքի, որ ձեզ յարգելով որպէս Հայ՝ միայն ազնիւ եւ սիրալիր վերաբերմունք կը ցուցաբերէ, որպէսզի դուք ձեզ լաւ զգաք Հայկական մթնոլորտէն ներս, բայց միայն այդքան։ Հայութեան ազնւութիւնը շահագործելը՝ այսուհետեւ հաշտ աչքով պիտի չդիտուի, այլ պիտի որակուի որպէս թրքական թշնամական արարք՝ կատարուած Հայու մը միջոցով։

Դուք ազատ էք նոյնիսկ այցելելու Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ որպէս Թիւրքիոյ օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչ, միջնորդութեան առաքելութիւն կատարելու երկու երկիրներուն միջեւ, դիւանագիտական յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով։ Սա երկու ինքնիշխան պետութիւններուն վերաբերող հարց մըն է, որտեղ մենք խօսք չունինք ըսելու, որքան ատեն որ երկու պետութիւնները կը գիտակցին, որ ոչ Թիւրքիոյ Հայկական ծագում ունեցող պատգամաւորը, ոչ ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւունք ունին հանդէս գալու Արեւմտեան Հայաստանի տարագիր կամ գրեաւեալ տարածքներէն ներս ապրող Հայութեան անունով, կամ Արեւմտեան Հայաստանի սահմաններուն վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն կնքելու։

Յարգելի Պարոն Փայլան, անգամ մը եւս յիշեցնենք, որ դուք Թիւրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր էք, եւ դուք այդտեղ երբ Թիւրքիոյ իշխանութիւններուն կ’առաջարկէք ընդունիլ ցեղասպանութիւնը՝ զայն կը կատարէք որպէս նախապայման՝ որպէսզի Թիւրքիոյ իշխանութեան եւ դրօշակին տակ ապրող թիւրքերը, քիւրդերը, յոյները, եզդիները, ալեւիները եւ հայերը ապրին խաղաղ ու համերաշխ, ինչպէս հաւասար իրաւունքներ վայելող քաղաքացիներ։ Դուք այդ երբէք չէք ըրած Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքները վերականգնելու նպատակով, կամ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման նպատակով։ Մենք լաւ կը գիտակցինք, որ դուք չէք կրնար նման ելոյթով հանդէս գալ Թիւրքիոյ խորհրդարանէն ներս՝ ձեր անձնական անվտանգութեան պատճառներով, եւ երբէք չենք ցանկար որ ձեր յարգելի անձը ենթարկուի որեւէ վտանգի։ Հետեւաբար, եթէ իսկապէս կը ցանկաք օգտակար դառնալ Հայութեան՝ ապա խորհուրդ կուտանք, որ դուք ձեզ չտրամարդէք եւ չծառայէք ի նպաստ Հայութեան թշնամիներու ծրագիրներուն։

Կը վստահեցնենք ձեզի, որ Թիւրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը կ’իրականանայ միայն ու միայն այն ժամանակ՝ երբ կը գործադրուի Սեւրի դաշնագիրը, եւ ըստ որու կը վերականգնուին թէ’ Արեւմտեան Հայաստանը եւ թէ’ Քրդական ինքնավար մարզը։

Թէ’ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներէն ներս ապրող եւ թէ’ այնտեղէն տարագիր աշխարհասփիւռ Հայութիւնը՝ այսօր օգտուելով միջազգային իրաւունքով երաշխաւորուած ազատագրական պայքարի իրաւունքէն, ունի ազգային իր սեփական ծրագիրը որու իրագործման համար ոչ մէկ ներկայացուցիչի կարիքը չ’ունի Թրքական խորհրդարանէն ներս։

Գառնիկ Սարգիսեան՝
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ

westernarmeniatv.com