«Մէկ ժողովուրդ, հայոց մէկ պետութիւն եւ միասնական շահ». Րաֆֆի Դուդակլյան
Advertisement 1000 x 90

«Մէկ ժողովուրդ, հայոց մէկ պետութիւն եւ միասնական շահ». Րաֆֆի Դուդակլյան

Րաֆֆի Դուդակլյանի ֆեյսբուքյան հրապարակումը.

Երեկ հանդիպեցայ նաև Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտագութեան Խորհուրդի քարտուղար Armen Արմեն Գրիգորյանի հետ։

Միջազգային, շրջանային, տեղական ընկերատնտեսական եւ քաղաքական հարցերու, անվտանգութեան խնդիրներու եւ նոյնիսկ գիրքերու եւ աստղագիտութեան մասին խօսիլը՝ Արմենի նման բազմակողմանի կրթութիւն ստացած եւ փայլուն անձնաւորութեան հետ, չափազանց մեծ հաճոյք է պարզապէս։

Ան այսօր վստահօրէն կը ղեկավարէ նորաստեղծ պետական կառոյց մը, որուն կայացման մէջ լուրջ ներդրում կրնան ունենալ միայն իր նման կազմակերպական եւ մտաւորական կարողութիւններով օժտուած մարդիկ։

Ըսեմ նաև, որ ի հեճուկս որոշ չարախօսներու, Արմենը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացումը՝ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն, շատ աւելի խոր վերլուծումով առաջ կը տանի, քան նախկին ռեժիմի չինովնիկները։

Արմենին հետ շփուած եմ 2015-էն ի վեր եւ ուրախ եմ, որ մեր ազգային անվտանգութիւնը վստահուած է իր նման մարդու մը։ Արմենը, ի դէպ, Արցախի Մարտունիի շրջանէն է։ Ան այսօր կ’առաջնորդուի եւ կ’ուզէ համատարած դարձնել հետեւեալ կարգախօսը՝ Հայ ժողովուրդ, Հայոց պետականութիւն, Հայկական շահ։ Այսինքն՝ մէկ ժողովուրդ, հայոց մէկ պետութիւն եւ միասնական շահ։