Ան նաեւ կը գրաւէ 21-րդ տեղը America’s Self-Made Women 2018 վարկանիշին մէջ:
Alex and Ani խոշոր ոսկերչական ընկերութեան սեփականատէր Գարոլին Ռաֆայէլեան գրաւած է 2057-րդ տեղը 2019թ-ի Forbes վարկածով միլիարատէրերու վարկանիշին մէջ:
Հայ ներգաղթեալներու թոռ Ռաֆայէլեանի կարողութիւնը Forbes-ի տուեալներով կը կազմէ 1 միլիար տոլար: Անոր հայրը սկսած է գնդասեղներ եւ զարդեղէն պատրաստելով:
Alex and Ani ընկերութիւնը (ի պատիւ աւագ դուստրերուն) ան հիմնած է 2004-ին, հիմա այն աւելի քան 100 ներկայացուցչութիւն ունի: Ռաֆայէլեանի ընկերութիւնն ԱՄՆ ողիմպիական կոմիտէին կողմէ ընտրուած էր 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու կախազարդերը պատրաստելու համար:
Ռաֆայէլեան ձեռք բերած է անշարժ գոյքի աւելի քան 30 կառոյց, որոնց մեծամասնութիւնը կը գտնուի անոր հարազատ Ռոտ Այլընտ կղզիին վրայ: Ան կը գրաւէ 21-րդ տեղը Forbes America’s Self-Made Women 2018 վարկանիշին մէջ: