Լիբանանցի հանրածանօթ երգչուհի Ապիր Նահմէ բացառիկ հմտութեամբ հայերէն երգած է:
Երգչուհին հիւրընկալուած է դերասան Ատէլ Քարամին կողմէ, եւ «MTV» կայանէն սփռուող «Հայտա Հաքի» յայտագիրի աւարտին, երբ դերասանը առաջարկած է իրեն հայերէնով քանի մը բառ արտասանել, վերջինս բացառիկ տաղանդով ներկայացուցած է «Սարերի հովին մեռնեմ» երգը՝ անակնկալի բերելով ներկաներն ու հեռուստադիտողը:
Նշենք, որ Նահմէ երաժշտական կրթութիւն ունեցող երգչուհի է եւ ան արեւելեան (հայ, ասորի, քիւրտ, լատին, գաղթէացի) ժողովուրդներու երգարուեստը ներկայցնող յատուկ ծրագիր մը կը ներկայացնէ «Ալ Մայատին» կայանէն: