Հոսնի Մուբարակն ազատ է արձակվել. haydzayn.am
Advertisement 1000 x 90

Հոսնի Մուբարակն ազատ է արձակվել. haydzayn.am

Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք այսօր ազատ արձակուեցաւ: Այս մասին լուրը փոխանցեց եգիպտական «Ալ եոմ ալ սապէհ» կայքը: Աղբիւրը նշեց, որ Գահիրէի արեւելեան շրջանի դատական ատեանը Մուպարաքը ազատ արձակելու վերաբերեալ վճիռ արձակած է:

Կը նշուի նաեւ, որ դատարանի գլխաւոր դատախազ Իպրահիմ Սալէհ այս որոշումը ընդունած է հիմնուելով Մուպարաքի դատապաշտպան Ֆարիտ Տիպի մէկ տարի առաջ ներկայացուցած դիմումին: Հրապարակուած վճիռին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Մուպարաքի դէմ յարուցուած բոլոր դատական մեղադրանքները բաւարարուած պիտի համարուին, անոր 3 տարի բանտարկութեամբ: Մուպարաք կը մեղադրուէր 2011 թուականին իր դէմ եղած ցոյցերու ընթացքին տասնեակ քաղաքացիներու սպաննութիւնը «կազմակերպած» ըլլալու ծանր մեղադրանքով:

Շուրջ մէկ միլիոն քաղաքացիներու օրեր տեւած ցոյցերուն եւ բանեցուցած ճնշումներուն հետեւանքով 30 տարի երկիրը առաջնորդած Մոհամմատ Հիւսնի Մուպարաք 11 փետրուար 2011-ին հեռացած էր պաշտօնէն , երկրի ղեկը յանձնելով Եգիպտոսի այդ ժամանակուայ գաղտնի սպասարկութեան գլխաւոր պետ Օմար Սլէյմանին: Ան աւելի ուշ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսած էր, որ իր պաշտօնէն հրաժարելու հիմնական պատճառը ներքին արիւնահոսութեան առիթ չտալն էր: Նշենք, որ «25 յունուարի դէպքեր» անունով ճանչցուած դէպքերուն ընթացքին զոհուած են 302 անձեր:

haydzayn.am