7 մայիս 1992-ի երեկոյեան հայկական ջոկատները դէպի Շուշի կը շարժէին: Բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանը նկարահանած դրուագ մը կը յիշէ. «Մինչեւ հիմա մարմինս կը փշաքաղի: Քանի որ հայոց եւ ազրպէյճանցիներուն զգեստներուն գոյները նոյնն էին, մերոնց մէջքին վիրակապով կամ բանով մը գիծ կը քաշէին, որպէսզի իրարմէ տարբերակեն: Տղաներն այդ գիծերը խաչաձեւ կ’ընէին, որովհետեւ խաչն ամենապարզ երկրաչափական տեսքն է: Երբ հրամանը հնչեց` բոլորը կանգնեցան: Կը պատկերացնե՞ս, 400 հոգի, կանգնած մթնշաղին, եւ բոլորի մէջքին վրայ` խաչ, եւ այդ մարդիկ զոհուելու կ’երթային: Ատիկա խաչակիր արշաւ էր, եւ զմայլելին այն էր, որ ատիկա յատուկ չէր եղած»:
Ղարաբաղեան հրամանատարութիւնը Շուշիի գործողութեան մշակման ձեռնամուխ եղած էր Խոճալուէն անմիջապէս յետոյ: 28 ապրիլին որոշուած էին յարձակման հիմնական ուղղութիւնները: Գրոհը պէտք է սկսէր 4 մայիսին, սակայն անսպասելի ձիւնին պատճառով քանի մը օրով կը յետաձգուի: 7 մայիսին ղարաբաղեան ուժերը գրոհը սկսան չորս ուղղութիւններով: Գործողութիւնը կը ղեկավարէր Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատար Արկադի Տէր Թադեւոսեանը:
Զօրակայանը տեղակայուած էր Շօշ գիւղի դրացնութեամբ: Նոյնինքն Շօշէն կը սկսէր գրոհին արեւելեան ուղղութիւնը, զոր կը ղեկավարէր Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ուժերու առաջին հրամանատար Արկադի Կարապետեանը: Հիւսիսային` Ստեփանակերտ-Շուշի ուղղութեան հրամանատարը Վալերի Չիթչեանն էր, հիւսիս-արեւմտեանինը` (Ճանհասան-Քէօսալար)` Սէյրան Օհանեանը: Եուրի Յովհաննիսեանը ղեկավարած է «26»-ի յենակէտի (կը գտնուէր Ստեփանակերտի մերձակայ Կրկժան գիւղին մօտ) պահեստազօրի ռազմական գործողութիւնը: Հարաւային կամ Լաչինի ուղղութեան հրամանատարը Սամուէլ Պապայեանն էր:
Պապայեանը կը վկայէ. «Գործողութեան մասնակիցներն իրենց վրայ վերցուցած են կրակը, եւ վե՛րջ: 8 մայիսի կէսօրէն ետք ազրպէյճանցիք հեռացան քաղաքէն, իսկ 9 մայիսի առտուն հոն որեւէ ազրպէյճանցի չկար: Քաղաքին մէջ դիմադրութիւն, մարտեր չեն եղած: Հայկական ուժերը Շուշիի մէջ ազրպէյճանցի զինուոր չեն տեսած: Շուշիի մէջ գերի ինկած են միայն նկուղներուն մէջ պահուըտածները, որոնք տեղեակ չէին, թէ ի՞նչ կը կատարուի: Հայ զինուորը մէկ մեթր առջեւ չէ գացած այն հրասայլէն, զոր կրնաք տեսնել` Շուշի այցելելով»:
Հայերն ամէն տարուան 9 մայիսին Շուշիի ազատագրման տարեդարձը կը նշեն: Միջոցառումները կը սկսին Ստեփանակերտի յուշահամալիրէն, կը շարունակուին դէպի բերդաքաղաք տանող ոլորաններէն մէկուն քովը, պատուանդանին դրուած հրասայլ-յուշարձանին մօտ կարճ կանգառէ ետք: 2000-ին այդ նախաձեռնութեան ներկայ եղած է բրիտանացի հեղինակ Թոմաս տը Վաալը: Յուշարձանին դիմաց կանգնած էին զոհուած հերոսներուն ազգականները: 442 թիւը կրող հրասայլին մէջ մարտի ժամանակ եղած երեք մարդոցմէ փրկուած էր հրամանատար Գագիկը: Հրասայլին քով կանգնած էին հրասայլի վարորդ Աշոտի այրին` Սթելլան եւ տասնամեայ որդին` Յովհաննէսը: Սթելլան գունատ էր, դժբախտ եւ անհեթեթօրէն երիտասարդ: Նշանառու Շահէնին մեծ մայրը սեւ լաչակով էր ու ձեռքի սպիտակ թաշկինակով անդադար կը չորցնէր աչքերը: Յետոյ սկսաւ բարձրաձայն հեկեկալ` բռունցքները հրասայլին զարնելով:
Շուշիի ազատագրման տօնական նախաձեռնութիւնները սովորաբար կ’աւարտին 1887-ին կառուցուած Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Ս. պատարագով: 9 մայիս 1992-ի առտուն հայերը քաղաք մտած էին: Նկարահանուած պատկերներէն կ’երեւի, թէ ինչպէս երջանկութենէն փայլող դէմքերով զինուորականները «Կրատ»-ի արկերը եկեղեցիէն դուրս կը բերէին ու, ինքնաձիգները վեր պարզած, շուրջպար կը բռնէին:
Ղարաբաղեան պայքարի տարեգիրներէն Սամուէլ Շահմուրատեանն օրագիրին 11 մայիսի էջին մէջ կը գրէ. «Քաղաքը հիմնականին մէջ լաւ պահպանուած է, բայց քիչ չեն սեւցած փլատակները, հոս-հոն մեծ հրդեհներ են, ծուխը բռնած է երկինքը: Ցեխ, ծուխ, բեռնատարներու աղմուկ, թալա՛ն, թալա՛ն… Կը կրեն, կը կրեն. ինքնաշարժներով, սայլակներով, ուսի վրայ, ձեռքին, նոյնիսկ` էշով, ձիով, կը կրեն` ինչ որ պատահի. հագուստ, կահոյք, գորգեր, հեռատեսիլ, սառնարան, սննդամթերք, ելեկտրաջահեր, ամանեղէն, տաշտեր, ահա՛ բարձր բարձած բեռնատարը դաշնամուր տարաւ: Հպարտ-ուրախ են ազատամարտիկները: Հաւաքուած են եկեղեցւոյ մէջ եւ շուրջ: Երգ, պար, կրակոցներ: Եկեղեցւոյ բակին մէջ մատաղ կ’ընեն, ոչխարը մորթեցին ու սկսան արիւնով խաչ քաշել մէկը միւսի ճակատին: Ազատամարտիկները յաղթած են, մնացածները թալանով զբաղած են»:
Խզմալեանն այսօրուան պէս կը յիշէ. «Շուշին մերոնք հրկիզեցին, վախ կար, չէին հաւատար, որ մեզի կը մնայ, եւ գիւղացիներուն մօտ կար հաւատամք, որ ազրպէյճանցին այրած տան մէջ չ’ապրիր, այսինքն` կը հրկիզեն, որ ազրպէյճանցին ետ չգայ, կը հասկնա՞ս: Կը յիշեմ հարիւրապետ մը, որ կը վազէր, կը պոռար. «Ապուշնե՛ր, ի՞նչ կ’ընէք, ասիկա ձե՛րն է, հոս ապրելո՛ւ պիտի գաք»:
Տէր Թադեւոսեանը կը պատմէ, որ, իրաւամբ, շրջափակման մէջ առնելով Շուշին, կը կարեւորուէր քաղաքին մէջ մնացածներուն մէջ խուճապ յառաջացնելու հարցը, որպէսզի ազրպէյճանցիք հեռանան առանց մարտեր մղելու: Այդ նպատակով նախապէս ոչնչացուած էին Շուշիի եւ Ստեփանակերտի շրջակայքի ազրպէյճանական բնակավայրերը, բերդաքաղաքը շրջափակման մէջ էր. «Շուշիէն առաջ եղած էին Կրկժանը, Մալիպէյլուն, Խոճալուն: Այսինքն` կար յաջորդականութիւն, թէ ո՛ր բնակավայրը կ’ազատագրենք»:
Չեչէն դաշտային հրամանատար Շամիլ Պասաեւը 1990-ականներուն Ղարաբաղ գացած էր սրբազան պատերազմի` ժիհատի: Անոր մուժահէտները Շուշիէն վերջին հեռացածներէն են: Պասայեւը 2000-ի յուլիսին Չեչենիոյ լեռներուն մէջ ազրպէյճանցի լրագրողին կը հաւաստիացնէր, որ Շուշին շրջափակման մէջ ինկաւ ազրպէյճանական բանակին մէջ կարգուկանոն եւ ղեկավարութիւն չըլլալու պատճառով. «Հոն 4 մուժահէտ եւ 11 ազրպէյճանցի մնացած էր: Գրեթէ բոլորը լքեցին քաղաքը, բայց 15 հոգիով մէկուկէս օր կը պաշտպանէին, իսկ 2800 հոգինոց կայազօրն ամէն ինչ ձգեց ու փախաւ: Եթէ մէկը կը փախչէր զրահամեքենայով` ան հերոս էր, որովհետեւ շատերը նաեւ ծանր զրահամեքենաները կը ձգէին… Պաքու կ’երթային: Շուշին պաշտպանած մուժահէտներէս երեքը դեռ ողջ են: Շուշին պարզապէս լքուեցաւ: Մօտ 700 հայեր սկսան գրոհը, եւ ատիկա միայն արտաքին փայլքն էր, խաբուսիկ բան մը: Նման ուժեղ կայազօրով եւ այդքան զէնքով, յատկապէս նկատի ունենալով Շուշիի դիրքը, հարիւր հոգին կրնար դիւրութեամբ ամբողջ տարի մը անառիկ պահել քաղաքը: Որեւէ կազմակերպուածութիւն չկար: Այսօր կարելի է զօրավար մը կամ նախարար մը ձերբակալել եւ ըսել` դո՛ւն դաւաճանեցիր, դո՛ւն յանձնեցիր, դո՛ւն ծախեցիր: Պարապ խօսակցութիւններ են: Որեւէ ղեկավարում չկար, ոեւէ մէկը որեւէ բանի համար պատասխանատու չէր»:
Հետագային Պաքուն շրջանառութեան մէջ դրաւ այն վարկածը, թէ հայկական ուժերը Շուշին ո՛չ թէ գրաւած են, այլ` առանց կռիւներու զայն ստացած` ազրպէյճանական ռազմական հրամանատարութեան եւ քաղաքական իշխանութեան դաւաճանութեան պատճառով: Ճիշդ այդ վարկածով կ’ընթանար պաշտպանութեան նախկին նախարար Ռահիմ Ղազիեւի դատավարութիւնը: Անշուշտ, իրականութեան մօտ են այն պնդումները, որ Շուշիի մէջ մարտեր չեն ընթացած, իսկ նկարահանումները ո՛չ թէ Շուշիի, այլ` քաղաքի մատոյցներուն մէջ եղած են:
Ռազմական գործողութեան ժամանակ ղարաբաղեան կողմը տուած է 58 զոհ, որոնցմէ ո՛չ մէկը` Շուշիի մէջ: Հայերը հակառակորդին թոյլ տուած են հեռանալ Շուշի-Լաչին ճամբայով:
Շուշին դաւադրաբար յանձնելու ամբաստանութեամբ մեղադրուող Ղազիեւը դատավարութեան ընթացքին հաստատած է, որ 1992-ի մայիսին Շուշիի եւ շրջակայքին մէջ տեղակայուած էր 2500-3000 զինուոր, «Թէ.-72» տեսակի 3 հրասայլ, «Թէ.-55» տեսակի մէկ հրասայլ, 12 հրասայլ, 3 «Պէ. Էմ.-21» տեսակի համազարկային «Կրատ» համակարգ 6000 արկով, 3 թնդանօթ, 4 միաւոր «Ալազան» համակարգ, 30 միաւոր «Իկլա» եւ «Սթրելա-2» զենիթա-հրթիռային համալիր, 20 միաւոր 82 մմ.նոց ականանետ, 50 միաւոր ձեռքի ականանետ, աւելի քան 5 միլիոն ռազմամթերք:
Սամուէլ Պապայեանը կը պատմէ. «Շուշին գրաւեցինք մարտավարութեամբ, ո՛չ թէ պարզապէս բիրտ ուժային եղանակով: Փորձեցինք հակառակորդը վերցնել օղակի մէջ, եւ երբ օղակն արդէն կը փակուէր, ու շրջափակման մէջ մնալու վտանգ կար` ազրպէյճանական զօրքի եւ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ խուճապ սկսաւ: Սա՛ էր հիմնական պատճառը, որ հակառակորդը լքեց Շուշին: Նոյն մարտավարութիւնը կիրառուած է նաեւ միւս գործողութեանց ժամանակ: Մենք հնարաւորինս խուսափած ենք դէմ առ դէմ պատերազմ մղելէ եւ մարտավարական քայլերու դիմած ենք. հարուածած ենք այն ուղղութիւններով, ուր հակառակորդը մեզ չէր սպասեր, մնայուն կերպով փորձած ենք զգացնել տալ, որ եթէ թշնամին երկու ժամ շուտ չհեռանայ դիրքերէն` շրջափակման մէջ պիտի իյնայ: Այս մարտավարութեան շնորհիւ, անհամեմատ նուազ կորուստներ ունեցած ենք, թէեւ, սովորաբար, յարձակող, ազատագրող կողմին կորուստները շատ կ’ըլլան»:
Զրահամեքենաները 7-լոյս 8 մայիսի գիշերը հեռացած են Շուշիէն: Դասակի հրամանատար Թարլան Զուլֆուկարովը խոստովանած է, որ մարտական մեքենաները 8 մայիսին լքեցին քաղաքը: Նոյն օրը առտուն Էլպրուս Օրուճեւը, որուն զօրագունդին վրայ էր դրուած քաղաքին պաշտպանութիւնը, Զարիսլուի ուղղութեամբ երկու հրասայլ եւ երկու զրահամեքենայ կ’ուղարկէ, որոնք կ’ոչնչացուին, անձնակազմը կը սպաննուի, ինչ որ Շուշիէն խուճապային փախուստի նոր ալիք կը յառաջացնէ: Նոյն օրը երեկոյեան Օրուճեւը զինուորականներու երկու «Քամազ»-ներով կը մօտենայ «անցարգել»-ներուն եւ կը հրամայէ հեռանալ քաղաքէն: Ան իր հրամանը կ’արդարացնէ անով, որ հայերը արդէն Շուշի մտած են ու քաղաքային բանտին շրջակայքը դիրքաւորուած: Քանի մը տասնեակ զինուորներու ցուցումներէն պարզուած է, որ անոնց որոշ մասը մերժած է դիրքերը լքել:
«Քաղաքէն 8 զինուորներու եւ Օրուճեւի հետ հեռացած վերջին անձն էի: Օրուճեւը ամբողջ քաղաքը շրջեցաւ, եւ համոզուելով, որ մէկը չէ մնացած, ինծի հրամայեց արագօրէն հեռանալ», խոստովանած է Շուշիի ոստիկանութեան բաժանմունքի աշխատակից Շիւքիւր Ռասուլովը:
Տէր Թադեւոսեանը Շուշիի ազատագրումը նախեւառաջ կը նկատէ ո՛չ թէ յաղթանակ, այլ` յաջողութիւն, զոր ունէր իր առաջին դէմքերը. «Աշոտ Ղուլեան, Վալերի Չիթչեան, Եուրի Յովհաննիսեան, Վլատիմիր Բալայեան: Մէկու մը անունն ալ նշեմ, ողջ-առողջ է, որ պէտք է բարձրագոյն պարգեւի արժանանար. ան Վալերի Բալայեանն է, որ խորհրդարանին մէջ Պաշտպանութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահն էր, բայց նաեւ ռազմական գործողութիւնները կը ղեկավարէր: Օրինակ, Մալիպէյլուն ան ազատագրեց: Պէտք է ճանչնալ բոլորը, միայն այդպէ՛ս կ’իմանանք ճշմարտութիւնը: Կեանքը դաժան է: Երբեք չեմ մոռնար երիտասարդ մը` Դաւիթաշէնի Արսէնը` լուռ, խաղաղ տղայ մը: Անգամ մը, երբ մենք իսկ ուտելու բան մը չունէինք, կին եւ երեխայ գերիներուն ան հաց ու շաքար տարած էր: Այդպիսի՛ մարդը կրնայ հերոսութիւն ընել»:
Թաթուլ Յակոբեան