Սաքո Արեյանի էջից.
«Միշտ անարդար եղած ենք Շահան Շահնուրի հանդէպ: Մեր աժան գովեստով,դաժան դատապարտութեամբ,անպատասխան ատու անտեսումով: Գրողէն եւ իր արուեստէն անդին՝ պարագայական մանրամասնութիւններով տարուած ենք յաճախ, խանդավառուաղ ՆԱՀԱՆՋի ստեղծած փաթոսէն, ըմբոստացած՝ իր ուրացումներէն: Բանտած ենք զինք ազգային-զգացական մթնոլորտի մը մէջ, դատած ՝ ժամանակաւոր տուեալներու հիմով: Այս երեւոյթին պատճառը մեր կարճատեսութիւնն է անշուշտ, բայց նաեւ հեղինակի խառնուածքը.կիրք ունեցող ու կիրք յարուցանող արուեստագէտ է ՇԱՀՆՈՒՐ:Դժուար է պաղարիւն մօտեցումով խօսիլ իր ու գործին մասին:»
ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ. «ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ» Պէյրութ 1960