Հայաստանի մէջ 21 անմոռանալի օրեր անցընելէ ետք, 22-րդ օրը ուղղուեցանք «Զուարթնոց» օդակայան, ուրկէ կէսօրուան ժամերուն թռիչք պիտի առնէր մեր օդանաւը: Հինգ հոգի ըլլալով` քիչ մը կանուխ հասած էինք, որպէսզի ճամպրուկներու եւ մաքսատնային անցքերու խճողումին չբռնուէինք:
Մինչեւ օդակայան հասնիլս, թաքսիին պատուհանէն, վերջին անգամ ըլլալով, աջ ու ձախ կը դիտէի. վերջին անգամ ըլլալով կ՛ուզէի Արարատի պատկերը գամել աչքերուս մէջ. ո՞վ կը կշտանայ Արարատի փառահեղ տեսարանէն, կամ` ընդհանրապէս հայրենիքէն… Բոլորին նման` ես ալ քիչ մը տխուր մտածումներով կը բաժնուէի… Ճիշդ է, Լիբանանի կարօտը կար, տունի, գործի, առօրեայ կեանքի կանչը կար, բայց եւ այնպէս միշտ ալ Հայաստանէն բաժնուիլը դժուար է…
Ճամպրուկները յանձնեցինք, ստացանք մեր «պորտինկ փաս»-երը, ուղղուեցանք մաքսատնային տնակները, ուր մէկ առ մէկ կանչուեցանք: Եւ յանկարծ` անսպասելին. մեր անցագիրները կնքելու ժամանակ պաշտօնեան յայտարարեց, որ մեր վիզայի ժամանակը անցած է, եւ մենք չենք կրնար երկրէն դուրս ելլել:
Մեզ ուղարկեցին ԱՎՎ «Զուարթնոց» օ/կ բաժին (ՕՎԻՐ), ուր պարզուեցաւ, թէ իւրաքանչիւրս պէտք է վճարէ 50 հազար դրամ տուգանք (մօտաւորապէս` 110 ամերիկեան տոլար), որովհետեւ ուշացած էինք երկրէն դուրս ելլելու… ընդամէնը 1 օրուան հաշիւով (աւելի ճշգրիտ` քանի մը ժամուան):
Առարկեցինք, որ մէկ օրուան հարց է, փորձեցինք օրինակ բերել Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ օրէնքներէն, սակայն չոր, չըսելու համար` կոշտ վարուելակերպով պաշտօնեան անդրդուելի մնաց. նոյնիսկ հեգնական ժպիտով ըսաւ, թէ կծծիութիւն չընէիք եւ քանի մը ղրուշ աւելի վճարելով` պահանջէիք երկարաժամկէտ վիզա…
Դուստրս, որ Հայաստան մեկնած էր մեզմէ առաջ, ունէր 120 օրուան վիզա: Հարց չունէր:
Ապուշ կտրած էինք: Անցան քանի մը կարճ, բայց ծանր վայրկեաններ. յայտարարեցինք, որ 4 հոգիի համար չենք կրնար այդքան գումար վճարել:
Եւ ահա՛ աւելի անսպասելի պատասխանը, թէ` «Լա՛ւ, այդ պարագային Հայաստան ձեր մուտքը մէկ տարիով պիտի արգիլուի…»:
Պահ մը ճնշիչ լռութիւն տիրեց… Հայրենիք մեր մուտքը արգիլուած է…
Պաշտօնեային քմծիծաղով խօսելաոճէն ջղայնացած` ամուսինս առաջինը խզեց լռութիւնը` ըսելով. «Եթէ կ՛ուզես աւելի գրէ, երեք տարի, հինգ տարի գրէ…,- մեզ կը խրտչեցնէք, որ այլեւս չգա՞նք Հայաստան»…
Մայրս, որ անկախութեան առաջին տարիներէն գրեթէ ամէն տարի հօրս հետ Հայաստան գացած-եկած էր եւ նոյնիսկ տասնամեակ մը առաջ ստացած էր 10 տարուան հայկական անցագիր (այդ օրերուն այդպէս կարգ կար), տխուր, անխօս նստած էր:
Ամենասարսափելին տասնհինգ տարեկան տղուս հոգեվիճակն էր. աչքերէն զգացի, որ հայրենիքի պաշտամունքը փուլ եկաւ յանկարծ… Հապա՞ եկող տարուան «Ասպետ» զինուորական ճամբարի խոստացուած մասնակցութիւնը, համա-ՀՄԸՄ-ական սկաուտական ընդհանուր բանակումը… Ես հիմա ինչպէ՞ս պիտի վերականգնէի իր փշրուած հոգին…
Արցունքներս կուլ կու տայի…
Աշխարհը ծուռ կը դառնար կարծես… Տարիներու մեր երազած ազատ Հայաստանը, մեզ տուն կանչելու փոխարէն, կը վտարէր, քուրջի կտորի պէս դուրս կը շպրտէր երկրէն, կամ արգելք կը դնէր, տուրքեր կը սահմանէր… եւ ընդամէնը քանի մը ժամուան օրինախախտումի պատճառով…
* * *
Տրցակ մը թուղթեր ստորագրելէ եւ մեր անցագիրներու «զերոկս»-ները (պատճէն) յանձնելէ ետք, օդանաւը չփախցնելու մտահոգութեամբ սուրացինք դէպի մաքսատան մուտքերը, իւրաքանչիւրս իր անցագրին մէջ տեղաւորած Հայաստան մուտքի արգելքի փաստաթուղթը:
Գեղեցիկ աչքերով օրիորդը լայն ժպիտով մը ընդունեց անցագիրս. եւ յանկարծ տեսաւ ներկայացուած փաստաթուղթը.
– Ձեր մուտքը արգելե՞լ են…
– Այո՛, դժբախտաբար…
– Բայց, ինչպէ՞ս կարելի է… Բայց դուք ՀԱՅ էք…
Զսպուած արցունքներս արդէն կը յորդէին այտերս ի վար…
Բայց մենք ՀԱՅ ենք…
Եւ արդեօք, եթէ օրէնքներէն անտեղեակ օտար զբօսաշրջիկ մը ըլլար նոյն կացութեան մէջ, թոյլատրելի պիտի ըլլա՞ր նման պարագայ…
* * *
Շնորհակալ եմ, գեղեցի՛կ հայուհի, որ այդ արտայայտութեամբդ մեղմացուցիր խորտակուած հոգիս, փարատեցիր հայրենիքէն վտարուելու վիրաւորանքը, յոյսի փոքրիկ նշոյլ մը պարգեւեցիր… «Բայց դուք ՀԱՅ էք»…
Օ՜, անո՛ւշ հայրենիք, պիտի մնաս իմ հայրենիքը, պիտի անցնին բոլոր տաք ու պաղ օրերը, եւ ես դարձեալ պիտի վերադառնամ գիրկդ` հակառակ բոլոր դաժան արգելքներուն, պիտի վերադառնամ աւելի պայծառ ակնկալիքներով, վարդագոյն յոյսերով…
9 Օգոստոս 2017, Պէյրութ
Թամար Սնապեան-Սուրճեան