Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10-ին Գորսիքայի Փորթիչիօ քաղաքին մէջ գումարուած «ՄԵՏ-7»-ի վեհաժողովին,- որ կը համախմբէր միջերկրականեան եօթը պետութիւններու (Ֆրանսա, Սպանիա, Իտալիա, Փորթուկալ, Յունաստան, Կիպրոս, Մալթա) ղեկավարները,- օրակարգի գլխաւոր նիւթը եղած էր արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ հետ ստեղծուած լարումը։ Նախագահ Մաքրոն այդ առթիւ Թուրքիոյ կոչ ըրած էր դադրեցնելու «հակամարտութեան» քաղաքականութիւնը եւ սպառնացած էր Թուրքիոյ դէմ եւրոպական պատիժներ սահմանել, եթէ Անգարա շարունակէ մերժել Յունաստանի եւ Կիպրոսի կազ որոնելու իրաւունքը արեւելեան Միջերկրականի խնդրայարոյց տարածքին մէջ։ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ ներկայի վարքը անընդունելի է եւ թէ ան պէտք է յստակացնէ իր նպատակները, ընդգծելով նաեւ՝ որ հարցը թուրք ժողովուրդին հետ չէ, այլ՝ Էրտողանի հետ։
1980 Սեպտեմբեր 12-ին Թուրքիոյ մէջ կատարուած զինուորական հարուածին 40-ամեակին առթիւ՝ «Ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու» կղզիին մէջ (Իշխանաց կղզիներէն տխրահռչակ նախկին Եասսըատան/յունարէն՝ Փլաթի, ուր 1960-ին տեղի ունեցած էր ժողովրդավարական կարգով ընտրուած առաջին վարչապետ Մենտերեսի դատավարութիւնը, որ կախաղանի վճիռով աւարտած էր) տրուած գիտաժողովի մը ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Էրտողան նախ խրատած է Յունաստանը, որ հանդարտ մնայ եւ չխանդավառուի Ֆրանսայի նման երկիրներու՝ արեւելեան Միջերկրականի մէջ «սխալ» գործողութիւններով։ Էրտողան, այնուհետեւ ըսած է. “Չեմ ուզեր անունով յիշել, բայց ստիպուած եմ։ Անձիս հետ շատ կը զբաղի։ «Թուրք ժողովուրդին հետ չէ, այլ՝ Էրտողանի հետ խնդիր ունինք»,- կ՚ըսէ։ Յարգելի Մաքրոն, դեռ շատ խնդիրներ պիտի ունենաս հետս։ (…) Իրեն ըսեր էի. «Դուն Պատմութեան իմացութիւն չունիս, նախ այդ պէտք է սորվիս։ Թուրք ժողովուրդին հետ մի՛ զբաղիր։ Մենք Ափրիկէի մէջ մէկ հոգիի իսկ քիթը չենք արիւնած»։ (…) Ասոնք Լիպիան ալ բաւական տառապեցուցին։ Լիպիոյ մէջ հարիւրհազարաւոր մարդիկ սպանեցին։ Կ՚ուզէ Լիպիա մտնել քարիւղի համար։ Ափրիկէի այլ երկիրներ ալ կ՚ուզէ մուտք գործել ադամանդի, ոսկիի, պղինձի, քրոմի համար։ Ափրիկեցի ղեկավարները ինծի միշտ խօսած են այս մասին”։ Մէկ խօսքով, Էրտողան ըսած է, թէ Ֆրանսա չի կրնար մարդասիրութեան դասեր տալ Թուրքիոյ, յիշելով նաեւ ու մա՛նաւանդ ֆրանսական գաղութարար անցեալը Ալժերիոյ մէջ եւ Ռուանտայի 1994-ի ցեղասպանութիւնը, որու մէջ Ֆրանսայի պատասխանատւութիւնը մատնացոյց ընող լուրջ ամբաստանութիւններ հնչած են։
Յունաստան կը սպառազինուի
Իր կողմէ, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ալ Սեպտեմբեր 12-ին Սելանիկի մէջ յայտարարած է, թէ իր երկիրը սպառազինման «կարեւոր» ծրագիր մը որդեգրած է եւ բանակն ալ պիտի վերակազմակերպուի։ Միցոթաքիս նշած է, որ պիտի գնեն ֆրանսական արտադրութեան 18 «Ռաֆալ» կործանիչ, չորս մարտանաւ եւ ծովային չորս ուղղաթիռ, 15.000 յաւելեալ զինուորներ պաշտօնի պիտի կոչուին եւ երկիրը աւելի պիտի գանձատրէ պաշտպանական ոլորտի ճարտարարուեստը։ Նշեալ ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ չորս մարտանաւերու հիմնական վերանորոգութիւն, հակահրասայլային զէնքերու, ծովառումբերու եւ հրթիռներու գնում։
Նշենք, որ Թուրքիա Օգոստոս 10-ին սկսաւ կազի եւ քարիւղի որոնման հորատումներ կատարելու արեւելեան Միջերկրականի յատակին, պնդելով՝ որ այդ տարածքը շահագործելու իրաւունք ունի, մինչ Յունաստանի համաձայն՝ խնդրոյ առարկայ ջուրերը իր գերիշխանութեան մաս կը կազմեն։ Վերջին շաբաթներուն երկու երկիրները փորձեցին իրարու «աչք վախցնել» ռազմական յայտարարութիւններով, հոն կատարելով նաեւ ռազմափորձեր եւ առաքելով մարտանաւեր։ Ֆրանսա ալ, առ ի զօրակցութիւն Եւրոպական Միութեան անդամ Յունաստանի, հոն առաքեց երկու ռազմանաւ, բայց ԵՄ-ի միւս երկիրները չհետեւեցան իրեն եւ հեռու են հարցին շուրջ համախոհ ըլլալէ։