Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի նամակը՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Ազէրպայճանի դեսպանին. norharatch.com
Advertisement 1000 x 90

Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի նամակը՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Ազէրպայճանի դեսպանին. norharatch.com

Պարոնուհի, Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ և նախկին փոխնախագահ Քերոլայն Քոքս նամակ մը յղած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Ազէրպայճանի դեսպան Թահիր Թաղիզատէին, ուր Արցախի հարցով իր մտահոգութիւնները յայտնած է։

Ստորև՝ նամակին հայերէն տարբերակը՝ ամբողջութեամբ.

«Յարգելի՛ դեսպան,

Սեպտեմբեր 7-ի ձեր նամակը կը վկայակոչէ շատ թիւր կարծիքներ, որոնց անհրաժեշտ կը նկատեմ անդրադառնալ: Մասնաւորապէս՝ ես կ՚ուզէի առանձնացնել առնուազն չորս լուրջ մտահոգութիւններ:

1. Լեռնային Ղարաբաղ

Ստալինն է, որ Ազէրպայճանի մէջ Ղարաբաղ/Արցախը (95 տոկոս հայ բնակչութեամբ) տեղադրած է որպէս «ինքնավար մարզ»: Հետագային Ազէրպայճան իւրացուց ցածրադիր վայրերու մեծ տարածքներ և ստեղծեց Լեռնային Ղարաբաղը՝ որպէս լեռնային շրջապատուած հողամաս (enclave), որ կտրուած էր Հայաստանէն:

1991-1994 թուականներու ընթացքին Ազէրպայճանը պատերազմ սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղ ապրող հայ բնակչութեան դէմ` խախտելով միջազգայնօրէն ճանչցուած համաձայնագերը, օրինակ` cluster ռումբեր և օրական 400 «Կրատ» հրթիռներ տեղացնելով Ստեփանակերտի քաղաքացիական բնակչութեան վրայ: Ես այնտեղ էի և կրնամ վկայել մարդկային իրաւանց այս խախտումի ճշմարտութեան մասին: Ես նաև ականատես եղայ Մարաղայի մէջ Ազէրիներու կողմէ կոտորածի անմիջական հետևանքին և տեսայ գլխատուած քաղաքացիական մարմիններ, տուներ, որոնք դեռ կը ծխային ռազմական յարձակումէն յետոյ:

Հետագային ապացոյցները զետեղուեցան «Ցեղապաշտական զտումները կը ծաւալին. պատերազմ ՝Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» (Քերոլայն Քոքս և Ճոն Էյպներ, 1993) – « Ethnic Cleansing in Progress: War in Nagorno Karabakh » (Caroline Cox and John Eibner, 1993) յօդուածին մէջ:

Համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը, որոնք իրենց անկախութեան գործընթացին մէջ ներգրաւուած են համարժէք իրաւական հիմքերով, ինչպէս 1991-ին՝ Ազէրպայճանը, ունին բաւարար ապացոյցներ ինքնորոշման նոյն իրաւունքը պահանջելու համար, որ արդարացուած է Ազէրպայճանի կողմէ ցեղապաշտ զտումներու պատճառով, ինչպէս Թիմոր Լեսթը, Էրիթրէան և Քոսովօն, որոնք արժանացած են ինքնորոշման՝ նոյնանման ցեղապաշտ զտումներու ենթարկուելնուն պատճառով:

2. Շուշի

Թէև Շուշին տասնամեակներ շարունակ գրաւուած է Ազէրպայճանի կողմէ՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի մէկ մաս, ան ի սկզբանէ եղած է Կովկասի հայկական մշակոյթի նշանաւոր կեդրոնը, որ զիջած է միայն Թիֆլիսին: Մինչեւ 1920-ի Մարտ ամիսը այնտեղ կոտորուած են հազարաւոր Հայեր: Այն ժամանակ արքեպիսկոպոսը գլխատուեցաւ և անոր գլուխը ցուցադրեցին ձողի վրայ:

3. Նախիջեւան

Հանրաքուէի կասկածելի գործընթացէն յետոյ և Աթաթիւրքի Թուրքիոյ հետ գործարքի հետեւանքով Նախիջևանը դարձաւ ինքնավար հանրապետութիւն Ազէրպայճանի կազմին մէջ, որուն հետ ան ցամաքային կապ չունէր և ամբողջովին սահմանակից էր Հայաստանին:

Ազէրպայճան կատարած է Նախիջևանի մէջ պատմականօրէն բնակող Հայերու ցեղապաշտական զտումներ: Ազնաբերդ անունը կրող վերջին հայկական գիւղը տարհանուած է ազէրպայճանական ճնշումին տակ 1988 Դեկտեմբերին: Շրջակայքին կը շարունակուէին Հայերուն դէմ յարձակումները, և ես ներկայ էի, երբ ազէրպայճանական ուժերը կը ռմբակոծէին գիւղերը և կը ստիպէին խաղաղ բնակիչներուն փախիլ՝ փրկելու համար իրենց կեանքը: Տարածաշրջանի պատմութիւնը վերաշարադրելու փորձերու հետեւանքով Ազէրպայճան հետագային ոչնչացուց բազմաթիւ հայկական պատմական վայրեր ու մշակութային նմուշներ, այդ կարգին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ պաշտպանուած տասնեակ հազարաւոր խաչքարեր, զորս փորձագէտները կը բնութագրէին որպէս 21-րդ դարու «մշակութային զտման ամէնէն ծաւալուն արշաւը»:

Կը կարծեմ՝ Հայերը Նախիջևանին վերատիրանալու իրաւունք ունին: Կամ, թերեւս, Ազէրպայճանը կ՚առաջարկէ պատուաւոր այլընտրա՞նք՝ Լեռնային Ղարաբաղի՝ որպէս հայկական հող ճանչցուելու իրաւունք, իսկ Հայերը թերեւս կը զիջի՞ն Ազէրպայճանի կողմէ Նախիջևանի բռնագրաւումը:

4. Լարումի սրում

Ազէրպայճան խախտեց եւրոպական կարևորագոյն համաձայնագիրը՝ ներելով, պարգևատրելով և փառաբանելով ազէրպայճանական բանակի սպան, որ 2004-ին Հունգարիոյ մէջ քնացած հայ գործընկերը կացնահարեց։ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի վերջերս կայացուցած վճիռին համաձայն՝ Պաքուի գործողութիւնները «ցեղապաշտ կողմնակալութեան շատ լուրջ յանցագործութիւն են»:

2016-ի Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմի ընթացքին ազէրպայճանական ուժերը նախայարձակ եղան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքներուն վրայ, ինչ որ բազմաթիւ մարդկային կեանքեր խլեց:

Ընթացիկ տարուան Յուլիսին Ազէրպայճան հրետանային մարտկոցներ տեղադրեց խաղաղ բնակչութեան շատ մօտ՝ Տաւուշի մարզը՝ հիւսիսարևելեան Հայաստանի մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսէն հեռու: Կը հաղորդուէր թէ ազէրպայճանական զինուժը կրակ բացած էր բժշկական դիմակներու արտադրութեան գործատան մը ուղղութեամբ, որ էական դեր ունի երկրին մէջ պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարին մէջ: Կը հաղորդուէր նաև Տաւուշի Այգեպար գիւղի մանկապարտէզին դէմ յարձակման մասին:

Յուլիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցան ռազմամէտ ցոյցեր, որոնց ընթացքին հազարաւոր ցուցարարներ պահանջեցին, որ Ազէրպայճանի կառավարութիւնը սահմանի երկայնքին տեղադրէ բանակը՝ վանկարկելով «Մա՛հ՝ Հայերուն», իսկ ոմանք նոյնիսկ մտան ազգային խորհրդարան:

Հայերու նկատմամբ ատելութիւն սերմանող՝ Ազէրպայճանի մէջ հաստատուած քաղաքականութիւնը, այդ կարգին` դպրոցներու մէջ ատելութեան ուսուցումը և Հայաստանի՝ «թիւ մէկ թշնամի» հռչակումը, ինչպէս նաև Ազէրպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վերջին վրդովեցուցիչ յայտարարութիւնները կը շարունակեն լուրջ մտահոգութիւն պատճառել.- “Չմոռնանք, որ մեր բանակի գերժամանակակից հրթիռները կրնան ստոյգ հարուած հասցնել Մեծամօրի հիւլէակայանին”. նման թշնամական քաղաքականութիւն ցոյց կու տայ, որ Ազէրպայճան հաւատարիմ է պատերազմին և դաժանութեան, այլ ոչ թէ անդրսահմանային երկխօսութեան խթանումին և իրօք արդար կարգաւորման:Կը կարծեմ, որ բոլոր կողմերուն համար անյապաղ անհրաժեշտ է պահպանել բարոյական արդարութեան հիմնական սկզբունքները, և ես կը փափաքէի հանդիպում ունենալ՝ քննարկելու համար այս ողբերգական իրավիճակը:

Անկեղծօրէն Ձեր՝

Քերոլայն Քոքս»:

Յայտնենք, որ քանի մը օր առաջ Քոքս շնորհաւորած էր Արցախի անկախութեան օրը, նշելով.- «Լրացնելով Հայաստանի ոգին՝ դուք աւերի մոխիրներէն գեղեցկութիւն կը ստեղծէք»:

norharatch.com